«Պուրակ»-ը Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի արեւմտահայերէնով դասաւանդուող նիւթերու հարթակի ծրագիրն է: Ան արեւմտահայերէնով պատրաստուած գիտելիքներու եւ նիւթերու պահեստանոց մը կամ շտեմարան մըն է տարրական եւ նախակրթարան բաժիններու տարիքի երեխաներու համար, ուր յղացքներու բացատրութիւնները եւ անոնց համապատասխան տպուող այլազան վարժութիւններնու օժանդակ թղթածրարները կը ներկայացուին կարճ տեսերիզներու եւ աշխատաթերթիկներու միջոցով: 

Մեր նպատակն է այժմէականացնել արեւմտահայերէնով դասաւանդուող նիւթերու փոխանցման եղանակները եւ զարկ տալ արեւմտահայերէնի բառամթերքի ու լեզուամտածողութեան զարգացման:

«Պուրակ»-ը կը վայելէ հովանաւորութիւնը Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքին: 

«Պուրակ»-ի աշխատակազմը կը բաղկանայ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի անձնակազմէն, Ճեմարանի տնօրէնութեան անմիջական հսկողութեամբ:

ԱՇԽԱՏԱԿԱԶՄ 

Գլխաւոր պատասխանատու՝

Փաուլա Եղիայեան 

Գլխաւոր խմբագիր՝

Թամար Գասապեան 

Թեքնիք բաժինի գլխաւոր պատասխանատու՝

Խաչիկ Խաչերեան 

Հայերէն լեզուի բաժինի պատասխանատու՝

Աղաւնի Ֆստըքճեան 

Պատմութեան բաժինի պատասխանատու՝

Աբրահամ Աբրահամեան 

Աշխարհագրութեան բաժինի պատասխանատու՝

Շողիկ Փելթէքեան 

Թուաբանութեան բաժինի պատասխանատու՝

Փաուլա Եղիայեան 

Գիտութեան բաժինի պատասխանատու՝

Նորա Սարաֆեան-Թաշճեան