Պատմութիւն
Պատմութեան տեսերիզները կը ներկայացնեն պատմութեան հիմնական ժամանակաշրջանները եւ լուսարձակի տակ կ'առնեն մարդկային պատմութեան ժամանակագրական շարք մը տեղեկութիւններ, որոնք զարկ կու տան երեխային ընդհանուր գարգացման եւ կը հարստացնեն անոր համապատասխան բառապաշարը:
Թուաբանութիւն
Թուաբանութեան տեսերիզները կը ներկայացնեն շարք մը նախնական յղացքներ եւ բացատրութիւններ, որոնք կ՛օժանդակեն երեխային մտածելու, տրամաբանելու, գիտելիքներ ամբարելու եւ խնդիրներ լուծելու հմտութիւններու զարգացման:
Հայ լեզու
Հայ լեզուի տեսերիզները կը ներկայացնեն շարք մը նախնական յղացքներ եւ բացատրութիւններ, որոնք կը զարգացնեն 7–էն 11 տարեկան երեխային լեզուական գիտելիքներն ու հմտութիւնները:
Աշխարհագրութիւն
Աշխարհագրութեան տեսերիզները կը ներկայացնեն Արեգակնային դրութիւնը, Երկիր մոլորակը, իր յատկութիւնները, ջրային ու ցամաքային տարածքներ, մակերեւոյթը, կլիման, բնութիւնն ու բնակչութիւնը: Ընդհանոր զարգացման անհրաժեշտ այս գիտելիքները կ'օժանդակեն, որ երեխան լաւապէս հասկնայ Երկրագունդի մասին այս տեղեկութիւնները, ճանչնայ զինք շրջապատող միջավայրն ու հարստացնէ համապատասխան բառապաշարը:
Գիտութիւն
Գիտութեան տեսերիզները կը ներկայացնեն երեխային անմիջական շրջապատին՝ բնութեան մէջ ապրող էակներուն թէ անկենդան տարրերուն մասին գիտելիքներ եւ այլազան տեղեկութիւններ: Գիտութեան տեսերիզներուն ընդմէջէն երեխան կը հարստացնէ իր բառապաշարը այս ոլորտէն ներս եւս:
Մշակոյթ
Այս բաժինի տեսերիզները կը ներկայացնեն մշակութային զանազան ոլորտներ եւ լուսարձակի տակ կ'առնեն իւրաքանչիւր ոլորտի կարեւորութիւնը: Տեսերիզները կու տան տուեալ նիւթին մասին մանրամասն բացատրութիւններ եւ տեղեկութիւններ:
Յաճախակի դիտումներ
-
Բառային դաշտ
Vendor:Հայ լեզու -
Մինչեւ 10 գումարում
Vendor:Թուաբանութիւն -
Պատմութիւնը եւ ժամանակը (Ա.)
Vendor:Պատմութիւն -
Երկիր մոլորակն ու արեւային դրութիւնը
Vendor:Աշխարհագրութիւն
1
/
of
4
«Մեր առաքելութիւնն է ապահովել ժամանակակից արհեստագիտութեամբ
համեմուած, հաճելի եւ դաստիարակիչ ուսուցում 7-էն 10 տարեկան երեխաներու համար»: